Հայոց թագաւոր Գագիկ Ա. Բագրատունին, ներկայացուած՝ արաբական
տարազով, գլխուն լայն փաթթոց, կարմիր խալաթ եւ մէջքին փաթաթան
Հայկական լեռնաշխարհի եւ Սուրիոյ միջեւ առկայ յարաբերութիւնները հազարամեակներու պատմութիւն ունին։ Պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն հայերը կայք հաստատած են Սուրիա, Միջերկրականի արեւելեան ծովեզերքը եւ Միջագետք։
Օտար եւ հայ աղբիւրներ միահամուռ կը վկայեն, թէ Մեծն Տիգրանի Հայկական Կայսրութեան (Ք.Ա. 64-84) հարաւային սահմանները հասած են մինչեւ Պաղեստին, եւ Անտիոք դարձած է հայոց Կայսեր մայրաքաղաքներէն մէկը։
Սուրիա, Ք.Ա. 64 թուականէն մինչեւ Ք.Ե. Դ. դար, դարձած է Հռոմէական Կայսրութեան նահանգներէն մէկը եւ Հայաստանի հետ մշակած է վաճառականական աշխոյժ յարրաբերութիւններ։ Ապա, մինչեւ Է. դար Սուրիա մաս կազմած է Բիւզանդական Կայսրութեան, երբ մինչ այդ քրիստոնէութեան տարածման առաջին դարերուն Անտիոք ու Եդեսիա քրիստոնէական կրօնի ու մշակոյթի իբրեւ կարեւոր կեդրոններ ներկայացած են, ուր բազմաթիւ հայ ուսանողներ իրենց ուսումը ստացած են։
Ըստ պատմական հաւաստի տուեալներու, հայկական առաջին գաղթը դէպի Սուրիա տեղի ունեցած է Զ. դարուն, պարսից Խոսրով Ա. թագաւորի օրոք (531-579), երբ 539 թուին տիրելով Անտիոքի ու Եդեսիոյ ան մեծ թիւով գաղթականներ փոխադրած է այդ քաղեքները, ուր հայեր մեծամասնութիւն կազմած են:
717-728 տարիներուն, դէպի Սուրիա հայերու երկրորդ գաղթի մասին կը յիշուի Ամիդի մետրոպոլիթ Մար Դէոնիսիոս Եագուպ Սալիպիի (1173 թ.) գրութեան մէջ, ուր ան կ'ըսէ, թէ հայեր Սուրիա գալով տիրած են իրենց գիւղերուն, եկեղեցիներուն, վանքերուն, եւ հետեւաբար Մար Աթանաս Գ. Պատրիարք հայոց Յովհաննէս Օձնեցի Կաթողիկոսէն հոգեւորականներ խնդրած է հովուելու համար Սուրիոյ հայերը։ Իսկ Ժ. դարուն, Շուղըրի շրջանի Կարմիր Վանքը եղած է հոգեւոր-մշակութային մեծ կեդրոն մը։
Ապպասեան ԽալիՖայութեան շրջանին (750- 1258), հայեր փախչելով բիւզանդական բռնատիրութիւնէն եւ սելճուք-թուրքերու հալածանքներէն, գաղթած են Սուրիա ու Միջագետք։ Մինչ այդ, դէպի Սուրիա հայկական երրորդ գաղթը իրականացած է 973-992 տարիներուն, եւ հայեր տարածուած են Սուրիոյ արեւմտեան շրջանները։
ԺԳ. դարու երկրորդ կիսուն, հայկական գաղթերը աճ արձանագրած են մոնկոլ-թաթարական արշաւանքներուն պատճառով (1220-1468), եւ հայեր 1071ին ինկած Բագրատունեանց Թագաւորութեան իշխող դասակարգին հետ գաղթած են Սուրիա: Հայոց Խաչիկ Ա. Արշարունի Կաթողիկոսի (973-992) կողմէ հիմնուած եպիսկոպոսական Աթոռը առաքելութիւնը շարունակած է մինչեւ ԺԳ. դար, երբ Անտիոքի պատմական դիրքին անշքացումով Հալէպ դարձած է հայ համայնքի գլխաւոր կեդրոնը, ուր կազմաւորուած է բարգաւաճ գաղութ մը։
Հայկական մեծագոյն գաղթերը դէպի Սուրիա իրականացած են Օսմանեան Կայսրութեան հալածանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ 1876ին, 1895ին, 1909ին, եւ մանաւանդ 1915-ի Մեծ Եղեռնին ու հայկական Կիլիկիոյ Աղէտին՝ 1922ին, ստուարացնելով Սուրիոյ տարածքին հայութեան թիւը։
Հայկական վերջին գաղթը դէպի Սուրիա եղած է 1939ին, երբ Ֆրանս-Թրքական համաձայնագիրով Ալէքսանտրէթի Սանճաքը կցուած է Թուրքիոյ։ Իսկ 1946ին, եւ յաջորդող երկու տարիներուն շուրջ 40 հազար սուրիահայեր ու լիբանանահայեր ներգաղթած են հայրենիք։

No comments:
Post a Comment